히브리서 12장 Western NT
Western NT · 아르메니아어 · 히브리서 (Hebrews) · 29절
- 1 Ուստի մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ շատ վկաներու բազմութեամբ, թօթափե՛նք ամէն ծանրաբեռնում, եւ մեղքը՝ որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ, ու համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը՝
- 2 նայելով Յիսուսի, մեր հաւատքի ռահվիրային եւ իրագործողին. իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց խաչին, արհամարհեց ամօթը, ու բազմեցաւ Աստուծոյ գահին աջ կողմը:
- 3 Արդարեւ մտածեցէ՛ք անոր մասին, որ տոկաց մեղաւորներուն իրեն դէմ ա՛յսպէս հակաճառելուն, որպէսզի ձեր անձերը չթուլնան ու չպարտասին:
- 4 Տակաւին արիւն թափելու չափ չդիմադրեցիք՝ պայքարելով մեղքին դէմ,
- 5 եւ մոռցաք այն յորդորը որ կը խօսի ձեզի հետ՝ որպէս թէ որդիներու հետ. «Որդեա՛կս, մի՛ անտեսեր Տէրոջ պատիժը, ու մի՛ պարտասիր՝ երբ կշտամբուիս իրմէ:
- 6 Որովհետեւ Տէրը կը պատժէ իր սիրածը, եւ կը խարազանէ ամէն որդի՝ որ կ՚ընդունի»:
- 7 Եթէ տոկաք պատիժի, Աստուած կը վերաբերի ձեզի հետ՝ իբր որդիներ. քանի որ ո՞վ է այն որդին՝ որուն հայրը չի պատժեր զինք:
- 8 Իսկ եթէ ըլլաք առանց պատիժի՝ որուն բոլորը բաժնեկից են, ուրեմն ապօրինի զաւակ էք, եւ ո՛չ թէ հարազատ որդի:
- 9 Յետոյ՝ երբ մեր մարմնաւոր հայրերը կը պատժէին մեզ, կը պատկառէինք անոնցմէ. շա՛տ աւելի պիտի չհպատակի՞նք հոգիներուն Հօր՝ որ ապրինք:
- 10 Արդարեւ անոնք քիչ օրեր կը պատժէին մեզ՝ իրենց դատումին համաձայն. բայց Աստուած՝ մեր օգուտին համար, որպէսզի բաժին ստանանք իր սրբութենէն:
- 11 Ո՛չ մէկ պատիժ նոյն պահուն կը թուի ուրախարար, հապա՝ տրտմարար. բայց յետոյ կու տայ արդարութեան խաղաղարար պտուղը՝ անով կրթուածներուն:
- 12 Ուստի հաստատեցէ՛ք թուլցած ձեռքերն ու կթոտ ծունկերը,
- 13 եւ պատրաստեցէ՛ք ուղիղ արահետներ՝ ձեր ոտքերուն համար, որպէսզի ո՛վ որ կաղ է՝ չխոտորի, այլ փոխարէնը բժշկուի:
- 14 Հետամո՛ւտ եղէք խաղաղութեան՝ բոլորին հետ, եւ սրբութեան՝ առանց որուն ո՛չ մէկը պիտի տեսնէ Տէրը:
- 15 Ուշադի՛ր եղէք՝ որ ո՛չ մէկը զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատ մը բուսնելով՝ թող չվրդովէ ձեզ, եւ շատեր չպղծուին անով:
- 16 Ո՛չ մէկը թող ըլլայ պոռնկող, կամ սրբապիղծ՝ Եսաւի պէս, որ մէկ կերակուրի համար ծախեց իր անդրանկութեան իրաւունքը:
- 17 Քանի որ գիտէք թէ յետոյ՝ երբ ուզեց ժառանգել օրհնութիւնը՝ մերժուեցաւ, թէպէտ փնտռեց զայն արցունքով, որովհետեւ իր ապաշխարութիւնը անօգուտ եղաւ՝՝:
- 18 Արդարեւ դուք մօտեցած չէք շօշափելի լերան՝ որ կը վառէր կրակով, ո՛չ ալ մթութեան, խաւարին ու մրրիկին,
- 19 եւ փողին շառաչին ու խօսքերուն ձայնին. զայն լսողները խնդրեցին որ այդ խօսքը այլեւս չըսուի իրենց:
- 20 (Արդարեւ չէին կրնար տոկալ այդ պատուէրին. «Եթէ նոյնիսկ անասուն մը դպչի լերան՝ պիտի քարկոծուի»:
- 21 Ա՛յնպէս ահարկու էր երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը զարհուրիմ ու կը դողամ»:)
- 22 Բայց դուք մօտեցած էք Սիոն լերան, ապրող Աստուծոյ քաղաքին՝ երկնային Երուսաղէմին, բիւրաւոր հրեշտակներու համաժողովին,
- 23 երկինքը արձանագրուած անդրանիկներու համախմբումին, Աստուծոյ՝ որ բոլորին Դատաւորն է, արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասած՝՝ են,
- 24 Յիսուսի՝ որ նոր ուխտի միջնորդն է, եւ սրսկումի արիւնին՝ որ կը խօսի Աբէլի արիւնէն աւելի լաւ:
- 25 Զգուշացէ՛ք որ չմերժէք ա՛ն՝ որ կը խօսի ձեզի. որովհետեւ եթէ պատիժէ չխուսափեցան անոնք՝ որ մերժեցին երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը, ո՜րչափ աւելի մենք՝ եթէ երես դարձնենք երկինքէն խօսողէն:
- 26 Այն ատեն անոր ձայնը շարժեց երկիրը, իսկ հիմա խոստացած է՝ ըսելով. «Անգա՛մ մըն ալ պիտի շարժեմ. ո՛չ միայն երկիրը, այլ նաեւ երկինքը»:
- 27 Այս «անգա՛մ մըն ալ» խօսքը կը բացայայտէ շարժուած բաներուն փոփոխութիւնը՝ իբր շինուած բաներ, որպէսզի անշարժ բաները մնան հաստատուն:
- 28 Ուստի՝ ընդունած ըլլալով անշարժ թագաւորութիւն մը՝ շնորհակա՛լ ըլլանք, եւ պաշտե՛նք Աստուած իրեն հաճելի կերպով, ակնածանքով ու բարեպաշտութեամբ.
- 29 որովհետեւ մեր Աստուածը սպառող կրակ է:
Western NT — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) · 출처 ↗