로그인

요한일서 5장 Western NT

Western NT · 아르메니아어 · 요한일서 (1 John) · 21절

  1. 1 Ո՛վ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է, ծնած է Աստուծմէ. եւ ո՛վ որ կը սիրէ ծնողը՝ կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը:
  2. 2 Երբ սիրենք Աստուած ու պահենք անոր պատուիրանները, ատով կը գիտնանք թէ կը սիրենք Աստուծոյ զաւակները:
  3. 3 Քանի որ սա՛ է Աստուծոյ սէրը.- պահել անոր պատուիրանները: Իսկ անոր պատուիրանները ծանր չեն,
  4. 4 որովհետեւ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին. մեր հաւատքն է որ կը յաղթէ աշխարհին՝՝:
  5. 5 Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է:
  6. 6 Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս՝ որ եկաւ ջուրով ու արիւնով. ո՛չ միայն ջուրով, հապա՝ ջուրով եւ արիւնով. ու Հոգի՛ն է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւն է:
  7. 7 Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկինքի մէջ.- Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են:
  8. 8 Նաեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկրի վրայ՝՝.- Հոգին, ջուրը եւ արիւնը, ու այս երեքը միաձայն են:
  9. 9 Եթէ կ՚ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին:
  10. 10 Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը: Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին:
  11. 11 Իսկ սա՛ է վկայութիւնը.- Աստուած տուաւ մեզի յաւիտենական կեանքը, եւ այս կեանքը անոր Որդիին մէջ է:
  12. 12 Ա՛ն որ ունի Որդին՝ ունի կեանքը. ա՛ն որ չունի Աստուծոյ Որդին՝ չունի կեանքը:
  13. 13 Գրեցի այս բաները ձեզի՝ որ կը հաւատաք Աստուծոյ Որդիին անունին, որպէսզի գիտնաք թէ ունիք յաւիտենական կեանքը:
  14. 14 Այն համարձակութիւնը որ ունինք անոր քով՝ սա՛ է.- եթէ որեւէ բան խնդրենք իր կամքին համաձայն, կը լսէ մեզ:
  15. 15 Ու եթէ գիտե՛նք թէ կը լսէ մեզ՝ ի՛նչ որ ալ խնդրենք, գիտենք նաեւ թէ կ՚ունենանք այն բաները՝ որ կը խնդրենք իրմէ:
  16. 16 Եթէ մէկը տեսնէ թէ իր եղբայրը կը գործէ մեղք մը՝ որ մահացու չէ, թող խնդրէ, եւ Աստուած կեանք պիտի տայ անոր, այսինքն անոնց՝ որ մահացու մեղք չեն գործեր: Մեղք կայ՝ որ մահացու է. չեմ ըսեր որ թախանձէ անոր համար:
  17. 17 Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ՝ որ մահացու չէ:
  18. 18 Գիտենք թէ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր: Ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը պահէ ինքզինք, ու Չարը չի դպչիր իրեն:
  19. 19 Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք, իսկ ամբողջ աշխարհը Չարին մէջ մխրճուած է:
  20. 20 Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ, եւ ուշիմութիւն տուաւ մեզի՝ որպէսզի ճանչնանք Ճշմարիտը: Ու մենք այդ Ճշմարիտին մէջ ենք, անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ի՛նքն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը:
  21. 21 Որդեակնե՛ր, զգուշացէ՛ք կուռքերէն:

Western NT — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) · 출처 ↗