로그인

디모데후서 3장 Western NT

Western NT · 아르메니아어 · 디모데후서 (2 Timothy) · 17절

  1. 1 Գիտցի՛ր թէ վերջին օրերը դաժան ժամանակներ պիտի գան.
  2. 2 որովհետեւ մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, պոռոտախօս, ամբարտաւան, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ,
  3. 3 անգութ, անհաշտ, չարախօս, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող,
  4. 4 մատնիչ, յանդուգն, հպարտ, աւելի հաճոյասէր քան աստուածասէր:
  5. 5 Անոնք ունին բարեպաշտութեան դրսերեւոյթը, բայց ուրացած են անոր զօրութիւնը: Դուն հեռացի՛ր անոնցմէ.
  6. 6 որովհետեւ ասոնցմէ՛ են անոնք՝ որ կը մտնեն տուներէն ներս, եւ կը գերեվարեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ դրդուած,
  7. 7 որոնք միշտ կը սորվին բայց բնաւ չեն կրնար հասնիլ ճշմարտութեան գիտակցութեան:
  8. 8 Հապա, ինչպէս Յանէս ու Յամրէս ընդդիմացան Մովսէսի, նոյնպէս ասոնք ալ կ՚ընդդիմանան ճշմարտութեան: Միտքով ապականած մարդիկ, որ խոտելի են հաւատքի մէջ.
  9. 9 բայց աւելի պիտի չյառաջդիմեն, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը բացայայտ պիտի ըլլայ բոլորին, ինչպէս եղաւ անոնց երկուքինը:
  10. 10 Իսկ դուն հետեւեցար իմ վարդապետութեանս, ապրելակերպիս, առաջադրութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս, համբերութեանս,
  11. 11 հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս, որոնք պատահեցան ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ: Ի՜նչ հալածանքներ կրեցի. բայց Տէրը ազատեց զիս բոլորէն:
  12. 12 Եւ բոլոր անոնք՝ որ կ՚ուզեն բարեպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով, պիտի հալածուին:
  13. 13 Բայց չար ու զեղծարար մարդիկ աւելի՛ պիտի յառաջանան չարութեան մէջ՝ մոլորեցնելով եւ մոլորելով:
  14. 14 Սակայն դուն հաստա՛տ կեցիր այն բաներուն մէջ՝ որ սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, որովհետեւ գիտես թէ որմէ՛ սորվեցար:
  15. 15 Նաեւ մանկութենէդ ի վեր գիտես Սուրբ Գիրքերը, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ՝ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով:
  16. 16 Ամբողջ Գիրքը աստուածաշունչ է, եւ օգտակար՝ սորվեցնելու, կշտամբելու, ուղղելու եւ արդարութեան մէջ կրթելու համար.
  17. 17 որպէսզի Աստուծոյ մարդը ըլլայ կատարեալ, պատրաստուած ամէն բարի գործի համար:

Western NT — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) · 출처 ↗