로그인

골로새서 4장 Western NT

Western NT · 아르메니아어 · 골로새서 (Colossians) · 18절

  1. 1 Տէրե՛ր, հատուցանեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն՝ իրաւունքով ու հաւասարութեամբ, գիտնալով թէ դո՛ւք ալ ունիք Տէր մը՝ երկինքը:
  2. 2 Յարատեւեցէ՛ք աղօթքի մէջ, եւ արթո՛ւն կեցէք անոր մէջ՝ շնորհակալութեամբ:
  3. 3 Միաժամանակ աղօթեցէ՛ք նաեւ մեզի համար, որ Աստուած խօսքի դուռ մը բանայ մեզի՝ խօսելու Քրիստոսի խորհուրդին մասին, որուն համար կապուած ալ եմ,
  4. 4 որպէսզի յայտնաբերեմ զայն այնպէս՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:
  5. 5 Իմաստութեա՛մբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ գնելով ժամանակը:
  6. 6 Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքո՛վ թող ըլլայ, աղով համեմուած, որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւրին:
  7. 7 Իմ մասիս ամէն ինչ պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս՝ սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ սպասարկուն եւ ծառայակիցը Տէրոջմով:
  8. 8 Զինք սա՛ նպատակով ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնայ ձեր մասին՝՝ ու մխիթարէ ձեր սիրտերը,
  9. 9 Ոնեսիմոս հաւատարիմ եւ սիրելի եղբօր հետ՝ որ ձեզմէ է. իրենք պիտի գիտցնեն ձեզի ամէն ինչ որ կայ հոս:
  10. 10 Կը բարեւէ ձեզ Արիստարքոս՝ գերութեան ընկերս. նաեւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն մասին պատուէրներ ստացաք. ընդունեցէ՛ք զինք՝ եթէ գայ ձեզի,)
  11. 11 եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կը կոչուի, որոնք թլփատութենէն են: Միայն ասո՛նք գործակցեցան ինծի՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ, եւ մխիթարութիւն եղան ինծի:
  12. 12 Կը բարեւէ ձեզ Եպափրաս՝ Քրիստոսի ծառան, որ ձեզմէ է. ամէն ատեն աղօթքի մէջ կը պայքարի ձեզի համար, որպէսզի դուք կատարեալ ու լման կենաք՝ Աստուծոյ ամբողջ կամքին մէջ:
  13. 13 Անոր համար կը վկայեմ թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի՝ ձեզի, ինչպէս նաեւ Լաւոդիկէի ու Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար:
  14. 14 Կը բարեւեն ձեզ Ղուկաս՝ սիրելի բժիշկը, եւ Դեմաս:
  15. 15 Բարեւեցէ՛ք եղբայրները՝ որ Լաւոդիկէ են, ու Նիմփաս եւ անոր տան մէջ եղող եկեղեցին:
  16. 16 Երբ այս նամակը կարդացուի ձեր մէջ, կարդա՛լ տուէք նաեւ Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ: Դուք ալ կարդացէ՛ք Լաւոդիկէէն եկած նամակը,
  17. 17 եւ ըսէ՛ք Արքիպպոսի. «Զգուշացի՛ր քու սպասարկութեանդ համար՝ որ ստացար Տէրոջմով, որպէսզի գործադրես զայն»:
  18. 18 Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը: Յիշեցէ՛ք կապերս: Շնորհքը ձեզի հետ: Ամէն:

Western NT — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) · 출처 ↗